2015-01-02 10:52:54

2015 տարուայ առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի մէկ յունուար 2015-ի կէսօրին, սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց 2015 տարուայ առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
2015 տարուայ իր այս Մարեմեան առաջին աղօթքին ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները վերյիշելու իրենց սուրբ մկրտութեան օրը, որուն միջոցաւ ''կը դառնանք Եկեղեցւոյ ու Քրիստոսի անդամներ'', ըսաւ Ան ու ապա մատնանշեց խաղաղութեան ու զայն իրականացնելու կարելիութեան։
''Խաղաղութիւնը միշտ կարելի է'' ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւէր ուղղելով հայցելու այս Աստուածային պարգեւը, նա մանաւանդ այսօր` խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ խաղաղութեան արմատը աղօթքն է որովհետեւ աղօթքը խաղաղութիւն կը ծլի։
Նորին Սրբութիւն հուսկ դարձեալ շեշտը դրաւ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան բնաբանին վրայ ''այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ'' ու հրաւէր ուղղեց բոլորին պայքարելու ստրկութեան բոլոր ձեւերուն դէմ ու կերտելու եղբայրութիւնը։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը մաղթանք յայտնեց որ պատերազմները այլեւս գոյութիւն չունենան այլ գերիշխէ իղձն ու յանձնառումը խաղաղութեան ու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան։ Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորիդ։ Խաղաղ Տարի մը` խաղութեան տարի մը, մեր Տիրոջ ողջագուրումով ու Մարիամ Աստուածամօր ու մեր Մօր հովանիին տակ - մաղթեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը.








All the contents on this site are copyrighted ©.